2014-10-21 09:50:49

Վատիկանի պատգամը Ինդուներու ''Տիվալիի'' լոյսի տօնին առթիւ` ''միացեալ ճակատ կազմել համաշխարհայնացումի ժխտական երեւոյթներու դէմ''։


(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014) Վատիկանի միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարդինալ Թոռան պատգամ մը ուղղած է Ինդուներու ''Տիվալի'' լոյսի տօնին առթիւ։
Իր պատգամին մէջ կարդինալը կը գրէ. ''աշխարհի մէջ ծաւալող խտրականութեան ու բռնութեան քաղաքականութեան ի տես, մենք կանչուած ենք միացեալ ճակատ մը կազմելու, մշակելու համար միասնականութեան կրթութիւնը, որ լիովին կը համապատասխանէ երկրագունդի համայն ժողովուրդներու ձգտումին ու տեսլականին''։
Վատիկանը կը ճանչնայ համաշխարհայնացումի դրական կարգ մը երեւոյթներ, սակայն այդ քաղաքականութեան հետեւանքով բազմաթիւ ժողովուրդներ կորսնցուցին ընկերա-մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական իրենց ինքնութիւնը, որուն հետեւանքով կարգ մը կրօնական համայնքներ եւս կորսնցուցին իրենց իւրայատկութիւնը։
Համաշխարհայնացումը, կարդինալ Թոռանի գնահատումով, սատարեց ընկերութեան հատուածումին զայն մղելով դէպի յարաբերականութիւն ու կրօնական համախռնութիւն եւ վերջապէս կրօնական ապրումի անհատականութիւն։
Նշենք որ ''Տիվալի'' լոյսի տօնը Ինդու կրօնի ամենահին, աւանդական ու կարեւորագոյն տօներէն մէկն է։ Կը վերակոչէ բարիի յաղթանակը չարին վրայ, կեանքինը` մահուան վրայ, լոյսինը` խաւարին վրայ, ճշմարտութեանը` սուտին վրայ։
Այդ տօնախմբութեամբ սկիզբ կ'առնէ ամանորը որ կը յատկանշուի ընտանիքի հաշտութեամբ ու անոր միութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.